Պէյրութ

Դիւան թիւ 286/14

Յիսուսի Քրիստոսի Ծառայ
ՆԵՐՍԷՍ ՊԵՏՐՈՍ ԺԹ.
Ողորմութեամբ Աստուծոյ
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց
 
Հ Ա Յ Ր Ա Պ Ե Տ Ա Կ Ա Ն   Կ Ո Չ
Մեր Պատուական Եղբայրներուն՝ Արհի. Արհի. Արքեպիսկոպոսներուն, Եպիսկոպոսներուն, Գերապատիւ Վարդապետներուն, Յարգոյ Քահանաներուն, Սարկաւագներուն, Առաքինազարդ Կոյսերուն եւ Հաւատացեալ Ժողովուրդին:

 

Հայաստանաբնակ եւ աշխարհասփիւռ համայն հայութիւնը կը պատրաստուի 2015-ին  բացառիկ միջոցառումներով նշելու Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդտարելիցը։ Շրջադարձային դառնալու կոչուած այս հանգրուանը ամէն բանէ առաջ եւ ամէն բանէ վեր պէտք է հանդիսանայ արտայայտութիւնը մերմիասնականութեան, մեր միասնական ու աւելի կազմակերպուած աշխատանքին՝ որ մեր ազգային առաջնահերթութեանց առաջնահերթն է՝ ըլլալովնախապայմանը մեր համազգային առաջադրանքներուն կենսագործումին։

Մեր ժողովուրդը՝ միջազգային հանրութեան  իր այս միասնականութեան վկայութիւնը տալու առիթը պիտի  ունենայ իր զանգուածային ներկայութեամբ հայածէս սուրբ Պատարագին զոր  Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով պիտի  մատուցանենք Վատիկանի սուրբ Պետրոսի Պազիլիքային մէջ 2015-ի Ապրիլի 12-ին Ֆրանչիսկոս հայասէր Սրբազան Քահանայապետին նախագահութեամբ, Կարդինալներու դասին, Վատիկանի մօտ լիազօրագրուած  օտարդեսպաններուն ներկայութեամբ եւ հռոմաբնակ հոգեւորականներու եւ հաւատացեալներու մասնակցութեամբ: Այս պատմական իրադարձութեան պիտիարձագանգեն միջազգային լրատուամիջոցները եւ ան իր վրայ պիտի հրաւիրէ միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը եւ պիտի հրահրէ անորհետաքրքրութիւնը Հայ ժողովուրդին եւ Հայ Դատի մասին։

Վստահ ենք որ ձեր թեմերէն եւ ժողովրդապետական սահմաններէն ներս, լաւագոյն պատշաճութեամբ եւ խանդավառութեամբ պիտի քաջալերէք ձերհաւատացեալները, բարեկամներն ու շրջապատը  մասնակցելու յաւիտենական քաղաքին՝ Հռոմի մէջ տեղի ունենալիք պատմականօրէն յիշարժան այսմեծախորհուրդ արարողութեան, որուն պիտի յաջորդէ բացառիկ համերգ մըոր պիտի հանդիսանայ ներբող մը  Մեծ Եղեռնի Նահատակաց։  Մեր ժողովուրդինմեծաթիւ մասնակցութիւնը միաժամանակ պիտի զօրացնէ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն իբրեւ հաւատքի նահատակներ սրբադասման մեր առաջադրանքը։

Ինչպէս Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի մեր պատրիարքական յանձնախումբին կողմէ  երկար ժամանակէ ի վեր առաջադրուած ծրագիրներուն գլխաւորը հանդիսացող վերոյիշեալ ձեռնարկներուննոյնպէս  հայկական բոլոր հասարակութիւններէն ներս Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցիննուիրուած միջոցառումներուն մեր ժողովուրդին գիտակից ու անվերապահ մասնակցութեամբ՝ վկայութիւնը պիտի տանք մեր հաւատարմութեան  մեր մէկուկէսմիլիոն նահատակներու հաւատքին եւ Քրիստոսի ու Ազգին հանդէպ անոնց անսասան սիրոյն։ Միաժամանակ պիտի վերահաստատենք մեր կառչումըաստուածայաղթ Արդարութեանմարդկային անկորնչելի իրաւունքին ու արժէքներուն եւ յատկապէս նահատակութեան վսեմագոյն արժէքին, որմէ ծիլ առաւ եւկ'ընձուղուի ահա վերակենդանացումը ու փառապանծ յարութիւնը Հայ Ազգին։

Հայրապետական օրհնութեամբ՝

 

Ներսէս Պետրոս ժԹ.
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ
Կաթողիկէ Հայոց
 
Տուեալ ի Կաթողիկոսական Աթոռոյն որ ի Զմմառ
Յաւուր երեքտասաներորդի ամսեանն Նոյեմբերի յամի Տեառն 2014-ի
Ի վեշտասաներորդում ամի Հայրապետութեան Մերոյ